2015-04-15 12:21:00

Ոչ եւս Է Կարդինալ Ռոպէրթօ Թուչչին` Ռատիովատիկանի նախկին տնօրէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 14 ապրիլի երեկոյեան,  93 ամեայ,  Վատիկանի ձայնասփիւռի նախկին տնօրէն Կարդինալ Ռոպէրթօ Թուչչի կնքեց իր մահկանացուն։

Ննջեցեալ  ծիրանաւորը ծնած էր 19 ապրիլ 1921-ին։  15 տարեկանին,  մտած է Յիսուսեան միաբանութեան դպրեվանք։ 24 օգոստոս 1950-ին, Քահանայապետական Գիրէորեան համալսարանի մէջ, աստուածաբանական եւ իմաստասիրական ուսմունքները աւարտելէ ետք ձեռնադրուած է Քահանայ։

1956 ին, կարդինալ Ռոպէրթօ Թուչչի,  վարած  է ''Չիվիլթա Քաթթոլիքա'' Յիսուսեաններու պարբերաթերթի  տնօրէնի պաշտօնը։ Ան մեծ նպաստ բերած է Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին, օրական  մամլոյ ասուլիս տալով  Տիեզերական ժողովի  հետեւող լրագրողներուն։

1965- 1968ին,  եղած է Քահանայապետական ընկերային հաղորդամիջոցներու խորհուրդի` խորհրդատու մասնակցելով եւ իր սատարը տալով հաղորդակցութեան միջոցներու հովուական ուղեգիծի «Communio et progressio»շրջաբերականի հրատարակումին։

1973ին, կը յաջորդէ Վատիկանի  Ձայնասփիւռին ընդհանուր տնօրէն` Հայր Ճիաքոմօ Մարդէճիանիին։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով, այս իր պաշտօնի բերումով մօտէն  կը հետեւի Սրբազան Պապին Միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններուն, վատիկանի ռատիոկայանին տալով միջազգային համբաւ, սկսեալ՝ 1979, Մէքսիքոյի միջազգային  առաքելական ճամբորդութենէն։

21 փետրուար 2001ին, Սուրբ ՅՊԲ քահանայապետը,  Հայր Թուչչիին կը շնորհէ  կարդինալական աստիճանը։

Կարդինալ Թուչչիի մահով, կարդինալական դասի թիւը կ՝իջնէ 224ի։ Կարդինալական դասը այժմ կազմուած է հետեւեալ ձեւով.

122-ը Քահանայապետ  ընտրելու իրաւունք ունեցող կարդինալներ

102 Քահանայապետ ընտրելու ոչ  իրաւունք ունեցող կարդինալներ։ 

Նշենք, թէ հանգուցեալ ծիրանաւորին դիակը, ցաւակցութիւններու եւ վերջին ողջոյնի համար, հանրութեան պիտի ցուցադրուի Հռոմի Յիսուսեան միաբանութեան կեդրոնատեղիին մէջ, սկսեալ  չորեքշաբթի, 15 ապրիլէն, մինչեւ ուրբաթ 17 ապրիլ կէսօրուայ ժամը  1.30ին։

Ապա՝ Ուրբաթ 17 ապրիլի յետմիջօրէին ժամը 4.30ին, Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայութեամբ տեղի պիտի ունենայ ննջեցեալ Կարդինալ Թուչչի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.